2017-10-23 09:29:00

Նախագահ Սերժ Սարգսեան հրաւիրած է խորհրդակցութեան` 2018-ի մեծ իրադարձութիւններուն վերաբերեալ


Շաբաթ, 21 հոկտեմբերին նախագահ Սերժ Սարգսեան հրաւիրած է խորհրդակցութեան` 2018-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք երեք մեծ իրադարձութիւններու` Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովի, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակի եւ Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակի նախապատրաստական աշխատանքներու ընթացքը քննարկելու նպատակով:

Նշեալ իրադարձութիւններու նախապատրաստման աշխատանքները կազմակերպելու նպատակով հանրապետութեան նախագահին հրամանագիրներով նախապէս ստեղծուած են յանձնախումբեր, հաստատուած են անոնց անհատական կազմերը եւ այդ յանձնախումբերուն տրուած են յանձնարարականներ:

Խորհրդակցութեան սկիզբը նախագահ Սարգսեան ընդգծած է, որ երեք իրադարձութիւններն ալ յատուկ նշանակութիւն ունին եւ պէտք է անցնին անթերի` կազմակերպչական շատ բարձր մակարդակով: «Ըստ էութեան, Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովը պիտի ըլլայ Հայաստանի անկախացումէն ետք մեծագոյն իրադարձութիւնը` աշխարհի Ֆրանսախօս երկիրներու ղեկավարներու, բարձրաստիճան բազմաթիւ  պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ: Կ՛ենթադրուի, որ 100-է աւելի պատուիրակութիւններ եւ մինչեւ հինգ տասնեակ պետութիւններու  ղեկավարներ պիտի մասնակցին վեհաժողովին: Ասիկա մեծ իրադարձութիւն է, որուն սահուն կազմակերպումը պէտք է վկայէ մեր պետական մարմիններու կայացած ըլլալուն», ըսած է հանրապետութեան նախագահը:

Երեւանի մէջ 11-12 հոկտեմբեր 2018-ին տեղի ունենալիք Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովի նախապատրաստման աշխատանքներու եւ անոնց վերաբերեալ նախագահին կողմէ տրուած յանձնարարականներու  կատարման ընթացքին մասին զեկուցած է արտաքին գործոց նախարար, հանրապետութեան նախագահի հրամանագիրով ստեղծուած յանձնախումբի նախագահի տեղակալ Էդուարդ Նալբանդեան: Օրակարգի յաջորդ հարցին` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու նախապատրաստական աշխատանքներուն ընթացքը զեկուցած է պաշտպանութեան նախարար, յոբելենական յանձնախումբի նախագահի տեղակալ Վիգէն Սարգսեան: Երեւանի քաղաքապետ, պետական յաջորդ յանձնախումբի նախագահի տեղակալ Տարօն Մարգարեան զեկուցած է Երեւանի հիմնադրութեան 2800-ամեակի յոբելենական ձեռնարկներու նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին:

Հանրապետութեան նախագահը խորհրդակցութեան լոյսին տակ յանձնարարած է երկշաբաթեայ ժամկէտով ամփոփել շահագրգիռ մարմիններէն ստացուած բոլոր առաջարկները եւ ներկայացնել ձեռնարկներու մանրամասն ծրագիրները` կատարման պատասխանատուներով եւ ֆինանսական յստակ հաշուարկներով: Նախագահը տուած է նաեւ կազմակերպչական աշխատանքներուն հետ կապուած շարք մը յանձնարարականներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.